11 եւ 12 ­Յու­լի­սին, ­Նիւ Եոր­քի մէջ, կա­յա­ցաւ Ըն­կեր­վար ­Մի­ջազ­գայ­նա­կա­նի (Ը.Մ.) ­Խոր­հուր­դի ժո­ղո­վը, ո­րուն ա­ռա­ջին նիս­տին հիւ­րա­բար խօսք ա­ռաւ ­Միա­ցեալ Ազ­գե­րու ­Կազ­մա­կեր­պու­թեան (Մ.Ա.Կ.) ընդ­հա­նուր քար­տու­ղար Ան­թո­նիօ ­Կու­թե­րէս։ Մ.Ա.Կ.ի ընդ­հա­նուր քար­տու­ղա­րը իր ու­ղեր­ձին մէջ յատ­կա­պէս անդ­րա­դար­ձաւ զի­նեալ բա­խում­նե­րու պատ­ճա­ռով ստեղ­ծո­ւած տե­ղա­հա­նո­ւած­նե­րու հա­մա­տա­րած տագ­նա­պին, աշ­խար­հը պա­տու­հա­սող մի­ջազ­գա­յին ա­հա­բեկ­չու­թեան եւ կեն­սո­լոր­տի փո­փո­խու­թեան ճգնա­ժա­մին եւ ե­րի­տա­սար­դու­թեան դի­մագ­րա­ւած մար­տահ­րա­ւէր­նե­րուն, մա­նա­ւանդ շեշ­տե­լով հա­մա­տա­րած ան­գոր­ծու­թեան լու­ծում­ներ գտնե­լու հրա­մա­յա­կա­նը։ Ան շեշ­տեց նաեւ, որ զի­նեալ առ­ճա­կա­տում­նե­րու կան­խար­գիլ­ման ուղ­ղու­թեամբ ա­ւե­լի գործ­նա­կան լու­ծում­ներ պէտք է որ­դեգ­րէ մի­ջազ­գա­յին ըն­տա­նի­քը։
Մ.Ա.Կ.ի մէջ այս ժո­ղո­վին իր մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րաւ Ըն­կեր­վար ­Մի­ջազ­գայ­նա­կա­նի լիի­րաւ ան­դամ ­Հայ ­Յե­ղա­փո­խա­կան ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը։ ­Հա­յաս­տա­նը ներ­կա­յաց­նող Հ.Յ.­Դաշ­նակ­ցու­թեան պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը կը գլխա­ւո­րէր Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րո­յի ան­դամ եւ ­Հայ ­Դա­տի ­Կեդ­րո­նա­կան ­Խոր­հուր­դի նա­խա­գահ ­Յա­կոբ ­Տէր-­Խա­չա­տու­րեան, իսկ պա­տո­ւի­րա­կու­թեան ան­դամ­ներն էին ­Վա­հագն ­Գա­րա­գա­շեան (­Գա­նա­տա), ­Սանտ­րա ­Վար­դա­նեան (Ա.Մ.Ն.), ­Մա­րալ ­Չո­լո­յեան (Ա.Մ.Ն.), ­Սե­ւակ ­Պե­լեան (­Գա­նա­տա), ­Յա­կոբ ­Յա­կո­բեան (­Գա­նա­տա), ­Նա­րէ ­Քիւ­փէ­լեան (Ա.Մ.Ն.)։
Ն­շենք նաեւ, որ Հ.Յ.Դ.ի ան­դամ ­Մա­րիօ ­Նալ­պան­տեան Ըն­կեր­վար ­Մի­ջազ­գայ­նա­կա­նի փոխ-նա­խա­գահ է, իսկ Ար­մէն ­Ռուս­տա­մեան տա­րա­ծաշր­ջա­նի յանծ­նա­ժո­ղո­վի նա­խա­գահ է։
Ը.Մ.ի նա­խա­գահ ­Ճորճ ­Փա­փանտ­րէու եւ ընդ­հա­նուր քար­տու­ղար ­Լո­ւիս Ա­ճա­լա ներ­կա­յա­ցու­ցին այս ժո­ղո­վին հե­տե­ւեալ ե­րեք գլխա­ւոր նիւ­թե­րը՝
1) Ամ­րագ­րել բազ­մա­կողմ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը խա­ղա­ղու­թեան հա­մար.
2) ­Վե­րա­հաս­տա­տել մեր ար­ժէք­ներն ու քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը անհ­րա­ժեշտ փո­փո­խու­թիւն­նե­րու լոյ­սին տակ.
3) ­Պաշտ­պա­նել ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւ­նը, ուր որ ժխտո­ւած է կամ կը գտնո­ւի սպառ­նա­լի­քի տակ:
Ըն­կեր­վար ­Մի­ջազ­գայ­նա­կա­նի ընդ­հա­նուր քար­տու­ղար ­Լո­ւիս Ա­ճա­լա յա­տուկ կեր­պով անդ­րա­դար­ձաւ ­Թուր­քիոյ ներ-քա­ղա­քա­կան կա­ցու­թեան եւ ա­նոր իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու ի գործ դրած բռնաճն­շում­նե­րուն։ ­Խօսք ա­ռաւ ­Թուր­քիոյ CHP կու­սակ­ցու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Ու­մութ Օ­րան, որ յայտ­նեց, թէ ներ­կայ դրու­թեամբ Ան­գա­րա­յի իշ­խա­նու­թեանց հա­լա­ծանք­նե­րուն հե­տե­ւան­քով ­Թուր­քիոյ մէջ բան­տար­կո­ւած է 50 հա­զար քա­ղա­քա­ցի, 164 լրագ­րող, 200 լրա­տո­ւա­մի­ջոց եւ 12 խորհր­դա­րա­նի ան­դամ։ Ան հաս­տա­տեց նաեւ, որ ­Թուր­քիոյ մէջ այ­սօր ոտ­նա­կո­խո­ւած են մարդ ան­հա­տի ի­րա­ւունք­նե­րը, խօս­քի ա­զա­տու­թիւնն ու ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւ­նը։ Ան շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց Ըն­կեր­վար ­Մի­ջազ­գայ­նա­կա­նի մեծ ըն­տա­նի­քի ցու­ցա­բե­րած զօ­րակ­ցու­թեան հա­մար։
Ատր­պէյ­ճա­նի Ըն­կեր­վար ­Ժո­ղովր­դա­վար կու­սակ­ցու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Ա­րազ Ա­լի­զա­տէ խօսք առ­նե­լով յայ­տա­րա­րեց, որ ­Ղա­րա­բա­ղի հա­յե­րը ռու­սե­րու ան­մի­ջա­կան օ­ժան­դա­կու­թեամբ գրա­ւած են Ատր­պէյ­ճա­նի 20%ը։ Հ.Հ. ներ­կայ ու նախ­կին նա­խա­գահ­նե­րը ո­րա­կեց որ­պէս ­Ղա­րա­բա­ղի մա­ֆիա եւ նշեց, որ 2016ի Ապ­րի­լին հայ­կա­կան կող­մի յար­ձա­կու­մը սան­ձե­լու նպա­տա­կով միայն ­Պա­քուն զի­նո­ւո­րա­կան գոր­ծո­ղու­թեամբ հա­կա­դար­ձեց։ Ըստ Ա­լի­զա­տէի, անց­նող քա­ռա­սուն օ­րե­րուն հա­յե­րը 30 ե­րե­խա­ներ սպան­նած են։ Ա­լի­զա­տէ նաեւ կոչ ուղ­ղեց վերջ տա­լու Ե.Ա.Հ.Կ. ­Մինս­քի Խմ­բա­կի միջ­նոր­դա­կան ա­ռա­քե­լու­թեան եւ ­Ղա­րա­բա­ղի հար­ցը յանձ­նե­լու Մ.Ա.Կ.ի Անվ­տան­գու­թեան ­Խոր­հուր­դին։
Ըն­կեր­վար ­Մի­ջազ­գայ­նա­կա­նի ընդ­հա­նուր քար­տու­ղար ­Լո­ւիս Ա­ճա­լա խօս­քը փո­խան­ցեց Հ.Յ.Դ. պա­տո­ւի­րա­կու­թեան նա­խա­գահ ­Յա­կոբ ­Տէր-­Խա­չա­տու­րեա­նի, որ ա­ռա­ջին հեր­թին ցաւ յայտ­նեց ա­զե­րի ներ­կա­յա­ցու­ցի­չի ա­պա­տե­ղե­կա­տո­ւա­կան, ա­նար­գա­լի ու զգա­ցա­կան զե­ղում­նե­րով կա­տա­րած ա­նըն­դու­նե­լի ե­լոյ­թին հա­մար: Ան յայտ­նեց, որ 2016ի Ապ­րի­լեան ա­զե­րի գրո­հը մեծ խախ­տում էր 1994ի Ատրպէյ­ճա­նի իսկ ստո­րագ­րու­թիւ­նը կրող զի­նա­դա­դա­րին եւ կը մի­տէր բռնկեց­նե­լու Ար­ցա­խի ու ­Հա­յաս­տա­նի սահ­ման­նե­րը՝ նոր պա­տե­րազ­մի մը սկիզբ տա­լով. ատր­պէյ­ճա­նա­կան նա­խա­յար­ձակ բա­նա­կը ոչ միայն խախ­տեց պա­տե­րազ­մա­կան մի­ջազ­գա­յին օ­րէն­քը, այ­լեւ խող­խո­ղու­մի են­թար­կեց սահ­մա­նա­մերձ խա­ղաղ հայ բնա­կիչ­ներ, ո­րոնց մէջ տա­րեց­ներ եւ ե­րե­խա­ներ. այս խժդժու­թիւն­նե­րը կը վեր­յի­շեց­նէին ­Սում­կա­յի­թի, ­Պա­քո­ւի եւ ­Կի­րո­վա­պա­տի մէջ հա­յե­րու դէմ գոր­ծադ­րո­ւած սպանդ­նե­րը, ո­րոնց մի­ջո­ցաւ ­Պա­քուն բնաջն­ջեց Ատր­պէյ­ճա­նի մէջ բնա­կող հա­յու­թեան կա­րե­ւոր տո­կո­սը ու մնա­ցեալն ալ աք­սո­րեց իր երկ­րէն դուրս: Ան շեշ­տեց, որ ­Ղա­րա­բա­ղը եր­բեք մաս չէ կազ­մած ան­կախ Ատր­պէյ­ճա­նին, այլ ­Խորհր­դա­յին իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու կա­մա­յա­կան ո­րո­շու­մով զե­տե­ղո­ւած էր ­Խորհր­դա­յին Ատր­պէյ­ճա­նի հո­վա­նիին տակ Ս­տա­լի­նեան օ­րե­րուն:
­Յա­կոբ ­Տէր-­Խա­չա­տու­րեան նաեւ յայտ­նեց, որ հայ ժո­ղո­վուր­դը լաւ գի­տէ պա­տե­րազ­մի ար­հա­ւիր­քը, ո­րով­հե­տեւ ան­ցեալ դա­րուն ու­նե­ցած է դառն փոր­ձա­ռու­թիւ­նը ցե­ղաս­պա­նու­թեան, որ ծրագ­րուած ու գոր­ծադ­րո­ւած էր թուրք պե­տու­թեան կող­մէ իր իսկ քա­ղա­քա­ցի­նե­րու նկատ­մամբ 1915-1923ի ըն­թաց­քին: Ուս­տի՝ բնա­կան է, որ ­Ղա­րա­բա­ղի հա­յու­թիւ­նը, որ ճա­շա­կած էր ա­զե­րի հա­լա­ծանք ու սպանդ եւ տե­սած, թէ Ատր­պէյ­ճա­նի պե­տա­կան բարձ­րա­գոյն ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներն ան­գամ կը հե­րո­սաց­նեն հա­յաս­պան ոճ­րա­գործ­ներ, բա­ցա­ռէր Ատր­պէյ­ճա­նի ո­րե­ւէ են­թա­կա­յու­թիւն:
­Ղա­րա­բա­ղի ժո­ղո­վուր­դին հա­մար եր­բեք ըն­դու­նե­լի չէ ա­զատ ինք­նո­րոշ­ման իր մի­ջազ­գայ­նօ­րէն ամ­րագ­րո­ւած ի­րա­ւուն­քի ոտ­նա­կո­խու­մը: ­Յա­կոբ ­Տէր-­Խա­չա­տու­րեան կոչ ուղ­ղեց Ատրպէյ­ճա­նի Ըն­կեր­վար ­Դե­մոկ­րատ կու­սակ­ցու­թեան պա­տո­ւի­րա­կու­թեան, ա­պա­տե­ղե­կա­տո­ւու­թիւն եւ ա­տե­լու­թիւն սեր­մա­նե­լու փո­խա­րէն իր պե­տու­թիւ­նը մղե­լու, որ ­Ղա­րա­բա­ղի հար­ցը ­Մինս­քի Խմ­բա­կի մի­ջո­ցաւ ու քա­ղա­քա­կիրթ երկ­խօ­սու­թեան ճամ­բով լու­ծե­լու հե­տա­մուտ ըլ­լայ։ Ան շեշ­տեց, որ պա­տե­րազ­մը պէտք է բա­ցա­ռո­ւի ու Ար­ցա­խի հիմ­նախնդ­րի հան­գու­ցա­լուծ­ման հա­մար ի­րա­գոր­ծո­ւին հե­տե­ւեալ կէ­տե­րը.-
Ա.- 1994ի զի­նա­դա­դա­րի ամ­րագ­րում եւ ­Վիեն­նա­յի ու ­Սանկ ­Փի­թըրս­պուր­կի հա­նա­ձայ­նու­թեանց յար­գում.
Բ.- Ատր­պէյ­ճա­նի զի­նա­դա­դա­րի խախ­տում­նե­րու կա­սե­ցում եւ շփման գի­ծի եր­կա­րու­թեան հե­տա­խու­զա­կան սար­քե­րու զե­տե­ղում, որ­պէս­զի ա­նա­ռար­կե­լիօ­րէն ճշդո­ւին խախ­տում­նե­րու աղ­բիւրն ու նա­խա­ձեռ­նող կող­մը.
Գ.- Ատր­պէյ­ճա­նա­կան մեր­ժո­ղա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան դադ­րե­ցում, միայն խա­ղաղ ճա­նա­պար­հով հար­ցի լուծ­ման ա­զե­րի յանձ­նա­ռու­թիւն եւ Ե.Ա.Հ.Կ. ­Մինս­քի Խմ­բա­կի հո­վա­նա­ւո­րու­թեան ներ­քոյ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու լուրջ վերսկ­սում.
Դ.- Ատր­պէյ­ճա­նի զի­նո­ւած ու­ժե­րու կող­մէ իր իսկ քա­ղա­քա­ցի­նե­րը որ­պէս մարդ­կա­յին վա­հան օգ­տա­գոր­ծե­լու դա­տա­պար­տում եւ այդ բար­բա­րոս վե­րա­բեր­մուն­քին վեր­ջա­կէտ դնե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թիւն:
Եր­կօ­րեայ այս ժո­ղո­վի ըն­թաց­քին, Հ.Յ.Դ. պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը, օ­րա­կար­գե­րու քննար­կում­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեան ա­ռըն­թեր, հան­դի­պում­ներ ու­նե­ցաւ ­Լա­տին Ա­մե­րի­կա­յի, Ա­րեւմ­տեան Եւ­րո­պա­յի, ­Ռու­սիոյ, ­Պե­լա­ռու­սի, ­Ղա­զախս­տա­նի, ­Թուր­քիոյ, Ա­րա­բա­կան Աշ­խար­հի, ­Կիպ­րո­սի, ­Քո­սո­վո­յի, Իս­րա­յէ­լի, քրտա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու եւ Ըն­կեր­վար ­Մի­ջազ­գայ­նա­կա­նի ­Կա­նա­ցի կազ­մա­կեր­պու­թեան պա­տո­ւի­րա­կու­թեանց հետ։