Ապ­րիլ 29-30ին, ­Փա­րի­զի մէջ, տե­ղի ու­նե­ցան Ju Jitsuի Grand Slam Paris ե­րէց­նե­րու մրցում­նե­րը։ Ա­րա ­Ճա­նի­կեան՝ մաս կազ­մե­լով ­Յու­նաս­տա­նի Ju Jitsu ազ­գա­յին խում­բին, կա­րո­ղա­ցաւ հաս­նիլ 3րդ ­դիր­քին։
Իր մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րաւ 56 քի­լո­յէն նո­ւազ ծան­րու­թեամբ մար­զիկ­նե­րու դա­սա­կար­գի մրցում­նե­րուն ու ե­րեք յաղ­թա­նակ եւ մէկ պար­տու­թիւն ար­ձա­նագ­րե­լով՝ գրա­ւեց 3րդ ­տե­ղը, պրոն­զէ շքան­շա­նին ար­ժա­նա­նա­լով:
­Պար­տո­ւե­ցաւ հա­մաշ­խար­հա­յին ար­ծաթ շքան­շա­նա­կիր ֆրան­սա­ցի ա­խո­յեա­նէն, որ այս մրցա­շա­րին ոս­կէ շքան­շա­նը ա­պա­հո­վեց՝ ու յաղ­թե­ց 24-13 ար­դիւն­քով քո­լոմ­պիա­ցի մար­զի­կին, որ 2015ին աշ­խար­հի ա­խո­յեանն էր։
Այս յաղ­թա­նա­կէն ետք, Ա­րա ար­դէն կը սկսի իր նա­խա­պատ­րաս­տու­թիւ­նը հա­մաեւ­րո­պա­կան մրցում­նե­րուն հա­մար, ո­րոնք տե­ղի պի­տի ու­նե­նան ­Պոս­նիա¬­Հեր­ձե­գո­վի­նա­յի մէջ, ­Յու­նի­սի սկիզ­բը։
Շ­նոր­հա­ւո­րու­թիւն­ներ եւ բա­րի շա­րու­նա­կու­թիւն։