«Եուրոփա լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 2016-2017 տարեշրջանը երէկ հասաւ իր աւարտին, երբ Սթոքհոլմի մէջ (Շուէտ) 50 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան տեղի ունեցաւ Մանչեսթըր Եունայթըտ – Այաքս Ամսթերտամ աւարտական ճակատումը:
Մարզիչ Ժոզէ Մուրինիոյի կազմը` Եունայթըտ, յաջողեցաւ դառնալ տիտղոսակիր, երբ 2-0 արդիւնքով յաղթեց իր մրցակիցին:
Մրցումին հաշիւը 18-րդ վայրկեանին բացաւ Փոլ Փոկպա եւ անոր կազմը` Եունայթըտ, Ա. կիսախաղը աւարտեց 1-0 արդիւնքով:
Բ. կիսախաղը հազիւ սկսած եւ անկէ երեք վայրկեան ետք, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի խմբապետ Հենրիխ Մխիթարեան բացառիկ եւ սքանչելի շրջադարձ կոլով մը պարտութեան մատնեց Այաքսի բերդապահ Անտրէ Օնանան:
Մխիթարեան, որ 31-րդ վայրկեանին ստացաւ դեղին քարտ մը, մրցումին իբրեւ հիմնական մարզիկ մասնակցեցաւ: Ան 74-րդ վայրկեանին փոխարինուեցաւ Ճես Լինիարտով:
Նշենք, որ այսպիսով Հենրիխ Մխիթարեան դարձաւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի առաջին մարզիկը, որ իր մասնակցութիւնը բերաւ եւրոպական ֆութպոլի մրցաշարքի մը (այս պարագային` «Եուրոփա լիկ») աւարտականին եւ աւելի՛ն, ան նոյնիսկ յաջողեցաւ աւարտական մրցումին կոլ ալ նշանակել: