­Թուր­քիոյ նախ­կին ռազ­մա­կան դա­տա­խազ Ահ­մեթ ­Զե­քի Ու­չոք անդ­րա­դար­ձած է այն հար­ցին, թէ ի՛նչ կրնար տե­ղի ու­նե­նալ, ե­թէ 2016ի ­Յու­լիս 15ի յե­ղաշրջ­ման փոր­ձը չձա­խո­ղէր: Թրքա­կան իշ­խա­նա­մէտ «Yeni Akit» թեր­թի կայ­քին տե­ղե­կաց­մամբ` Ու­չոք կար­ծիք յայտ­նած է, որ այդ պա­րա­գա­յին ­Թուր­քիոյ մէջ ա­րիւ­նա­հե­ղու­թիւն տե­ղի պի­տի ու­նե­նար,- կը հա­ղոր­դէ «Էր­մէ­նի ­Հա­պեր»:
­Թուրք դա­տա­խա­զին խօս­քով՝ ե­թէ յե­ղաշր­ջու­մը յա­ջո­ղու­թեամբ ա­ւար­տէր, ­Թուր­քիան պի­տի մաս­նա­տո­ւէր. երկ­րի հա­րաւ-ա­րե­ւել­քը՝ քրտա­կան, իսկ ա­րե­ւել­քը` հայ­կա­կան պե­տու­թիւն­ներ պի­տի ստեղ­ծո­ւէին: ­Միեւ­նոյն ժա­մա­նակ՝ Ու­չոք տե­սա­կէտ յայտ­նած է, թէ այդ պա­րա­գա­յին ­Թուր­քիան ալ պի­տի անց­նէր ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու հո­վա­նա­ւո­րու­թեան տակ: ­Թուր­քիոյ մէջ ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւո­րում հա­մա­րո­ւող ­Կիւ­լէ­նա­կան հա­մայն­քի (FETճ) ան­դամ­նե­րուն դէմ ա­ռա­ջին հե­տաքն­նու­թիւ­նը յա­րու­ցած դա­տա­խա­զը մաս­նա­ւո­րա­պէս ը­սած է.- «­Թուր­քիան պի­տի մաս­նա­տո­ւէր, յե­տոյ երկ­րին մէջ մեծ կո­տո­րած­ներ պի­տի սկսէին: Ա­նոնք ոչ թէ դա­տա­րա­նի առ­ջեւ պի­տի կանգ­նէին, այլ նոյն յե­ղաշրջ­ման ըն­թաց­քին ուղ­ղա­կի պի­տի սպան­նէին բո­լոր ա­նոնց, ո­րոնց ընդ­դի­մա­դիր կը հա­մա­րէին: Իսկ յե­ղաշր­ջու­մէն ետք իշ­խա­նու­թեան ե­կած նոր դէմ­քե­րը ան­կաս­կած պի­տի ըլ­լա­յին դրա­ծո­նե­րը այն եր­կիր­նե­րուն, ո­րոնց հե­տա­խու­զա­կան կա­ռոյց­նե­րուն հետ ա­նոնք կա­պո­ւած են»: