(Translated by https://www.hiragana.jp/)
Պարսից Ծոց — Ուիքիփետիա Jump to content

Պարսից Ծոց

Պարսից Ծոց
արաբերէն՝ الخليج الفارسي‎ Ալ խալիճ ալ ֆարսի պարս․՝ خليج فارس Խալիճէ Ֆարս

{{{Նկարագրութիւն}}}
դասաւորում
Ընդհանուր մակերեսը 239 հազ. քմ²
Ամենամեծ խորութիւնը 102 մ
Միջին խորութիւնը 50 մ

Պարսից ծոց (յաճախ ուղղակի՝ Ծոց)՝ Արաբական թերակղզիի եւ Իրանի միջեւ գտնուող ծոց։ Օրմուզի նեղուցով միացուած է Օմանի ծոցին, Արաբական ծովուն եւ Հնդկական Ովկիանոսին։[1]

Պարսից ծոց թափուի երկու՝ Տիգրիս եւ Եւփրատ գետերէն յառաջացած խոշոր գետը՝ Շաթ-ալ-Արապ անունով։

Պարսից ծոցի շրջանը աշխարհաքաղաքական տեսանկիւնէն չափազանց կարեւոր է իր նաւթի հարուստ պաշարներով։ Այդ հարուստ պաշարներու համար ստացաւ պատերազմ ծոցին մէջ 1991 թուականին անուանումը, չնայած որ հիմնական կռիւը տեղի ունեցած է ցամաքի վրայ։

Խոշոր Կղզիները

Կղզիներ

Պարսից ծոցը ունի բազմաթիւ կղզիներ, որոնցմէ է օրինակ Պահրէյնը: Աշխարհագրականօրէն ամէնէն մեծ կղցին Գէշմն է, որ կը գտնուի Հորմուզի նեղուցին մէջ եւ կը պատկանի Իրանին: Ծոցի նշանաւոր կղզիներէն են նաեւ Մեծ ու փոքր Թանպերը եւ Քիշ կղզին, որ կը մատակարարուին իրանի կողմէ, Պուպիան, որ կը մատակարարուի Քուէյթի կողմէ, Թարութը որ կը մատակարարուի Սէուտական Արաբիոյ կողմէ, իսկ Տալման որ կը մատակարարուի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու կողմէ: Վերջին քանի մը տարիներուն աւելցած են նաեւ արհեստական կղզիներ՝ զբօսաշրջիկներու ուշադրութիւնը գրաւելու համար:

Պարսից Ծոցի կղզիները հին ժամանակներէ ի վեր իւրայատուկ նշանակութիւն ունեցած են, որովհետեւ անոնք գործածուած են գաղթական ուժերու կողմէ, օրինակ Փորթուկալի եւ Անգլիոյ կայսրութեան կողմէ, իբրեւ առեւտուրի կեդրոններ եւ կամ իրենց կայսրութեան ներկայացուցիչ ուժերու կեդրոններ:

Աշխարհագրական

Ծոցին տարածքն է՝ 251,000 քառակուսի քլմ, որ արեւելքէն Հորմուզի նեղուցով կը միանայ Օմանի ծոցին, արեւմուտքէն՝ Շատ ալ Արաբ գետին, որ կը ծնի Տիգրիս եւ Եփրատ գետերէն: Ծոցի ամենանեղ բաժինի տարածքը 56 քմ է: Ջուրը ընդհանրապէս ծանծաղուտք է, որուն ամենէն խորունկ բաժինը 90 մեթր է դէպի վար, եւ միջին հաշուով ընդհանուր խորունկութիւնը կը կազմէ 50 մեթր:

Հետեւեալ կղզիները, սկսելով հիւսիսէն, եզերային շրջագիծ կը կազմեն Պարսից Ծոցին՝ Իրան, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, Սէուտական Արաբիա, Քաթարի կղզիներէն մէկը՝ դէպի Եգիպտոսի թերակղզի տանող գիծին վրայ, Պահրէյնի կղզիներէն մէկը, իսկ հիւսիս-արեւմտեան կողմէն՝ Իրաքը: Ծոցը նաեւ ունի բազմաթիւ փոքր ներքին կղզիներ:

Քաղաքը եւ Բնակչութիւնը

8 քաղաքներ կը շրջապատեն Պարսից Ծոցը, որոնք են՝ Պահրէյն, Իրան, Իրաք, Քուէյթ, Քաթար, Սէուտական Արապիա, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, եւ Օման: Ծոցին ռազմագիտական իտէալական դիրքը առիթ տուած է շրջակայքը բնակող ժողովուրդներու զարգացման: Ներկայիս Միջին Արեւելքի մեծ երկիրներու մեծամասնութիւնը կը գտնուին այս շրջանին մէջ:

Պատկերասրահ

Աղբիւրներ

  1. Յովհաննէս Բարսեղեան (2006)։ «Աշխարհագրական անունների հայերեն տառադարձության մասին որոշում»։ Տերմինաբանական եւ ուղղագրական տեղեկատու։ Երեւան: 9-րդ հրաշալիք։ էջ 52։ ISBN 99941-56-03-9 

Կաղապար:Ծովերու Ցանկ