(Translated by https://www.hiragana.jp/)
Անիթա Սարգիսեան — Ուիքիփետիա Jump to content

Անիթա Սարգիսեան

Անիթա Սարգիսեան
անգլերէն՝ Anita Sarkeesian
Ծնած է 15 Օգոստոս 1983
Ծննդավայր Թորոնթօ, Քանատա
Քաղաքացիութիւն  Քանատա
 Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Ազգութիւն Հայ
Ուսումնավայր Նորթրիճի Քալիֆորնիայի նահանգի համալսարանԿատեգորիա:Վիքիդատա։Կատեգորիայի կարիք ունեցող հոդվածներ
Եորքի համալսարանԿատեգորիա:Վիքիդատա։Կատեգորիայի կարիք ունեցող հոդվածներ
Մասնագիտութիւն ֆեմինիստ, քննադատ, պլոկեր, հռետոր
Կայքէջ anitasarkeesian.com

Անիթա Սարգիսեան. (15 Օգոստոս 1983, Թորոնթօ, Գանատա) ֆեմինիստ, քննադատ, պլոկեր եւ հռետոր: «Ֆեմինիստ յաճախականութիւն» կայքի հիմնդիրն է, ուր կը ներկայացուին զանգուածային մշակոյթի կիներու կերպարի վերաբերեալ տեսանիւթեր եւ վելուծական մեկնաբանութիւններ:

Հակիրճ կենսագրական գիծեր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Անիթա Սարգիսեանը ծնած է Թորոնթոյի մօտերը Իրաքէն արտագաղթած հայկական ընտանիքի մէջ։ Այնուհետեւ ան տեղափոխուած է Քալիֆորնիա։ Աւարտած է Լոս Անճելըսի համալսարանի (UCLA)՝ լրատուական վերլուծութիւններու ճիւղը ընկերային եւ քաղաքական, եւ ապա՝ Եորք համալսարանին մէջ ձեռք բերած է մագիստրոս աստիճանը՝ հասարակական եւ քաղաքագիտական բնագաւառներուն մէջ:

2012 թուականին Սարգիսեան առցանց հետապնդման արշաւի թիրախ դարձած էր՝ իր «Սարգազմ կիներու նկատմամբ վիտէօ խաղերուն» տեսաշարքին համար նիւթական միջոցներ ապահովելու նախաձեռնութեան պատճառով։ Արդիւնքը այն էր իր, որ իր աջակիցները հաւաքեն 160․000 տոլար, ակնկալուող 6․000 տոլարի փոխարէն։ Իրավիճակը լայնօրէն տեղ գտած է լրատուամիջոցներուն մէջ, Սարգիսեանին վիտէօխաղերուն տեսաշարքը կը դառնայ վիճաբանութեան նիւթ:

Յատուկ ուշադրութեան արժանացած է իր «Սարգազմ կանանց նկատմամբ վիտէօխաղերուն» տեսաշարքը, ուր դիտարկուած է վիտէօխաղերուն կիներու կերպարի ենթադրեալ բացասական ներկայացումը։

[1] [2] [3]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]