Դանիա
Դանիա | |||||
---|---|---|---|---|---|
| |||||
Կը գտնուի | Դանիա | ||||
Կը ներառնէ | Հարավային Դանիա տարածաշրջան?, Զելանդիա տարածաշրջան?, Հյուսիսային Դանիա տարածաշրջան?, Տենմարքի կեդրոնական նահանգ, Մայրաքաղաքային տարածաշրջան?, North Jutland County?, Ringkjøbing County?, South Jutland County?, Ribe County?, Ֆյուն?, Կոպենհագեն շրջան?, Frederiksborg County?, Roskilde County? եւ Storstrøm County? | ||||
Պետական լեզու | Դանիերէն | ||||
Մայրաքաղաք | Քոփընհակըն | ||||
Օրէնսդիր մարմին | Ֆոլկետինգ? | ||||
Երկրի ղեկավար | Դանիայի կրոնպրինց Ֆրեդերիկ? | ||||
Կառավարութեան ղեկավար | Մետե Ֆրեդերիկսեն? | ||||
Ազգաբնակչութիւն | 5 827 463 մարդ (1 Հոկտեմբեր 2019)[1] | ||||
Օրհներգ | Դանիայի օրհներգ? եւ Kong Christian stod ved højen mast? | ||||
Կարգախօս | Happiest place on Earth! | ||||
Հիմնադրուած է | 8-րդ դար թ. | ||||
Արժոյթ |
Դանիական կրոնա? | ||||
Ազգային տօն | Yule? | ||||
Ժամային համակարգ | UTC+1 | ||||
Հեռաձայնային համակարգ | +45 | ||||
Համացանցի յղում | .dk? | ||||
Մարդկային ներուժի զարգացման թիւ | 0,929[2] | ||||
denmark.dk(անգլերէն) |
Դանիա (նաեւ Տանիմարքա) (դանիերէն՝ Danmark, ˈd̥ɛnmɑɡ̊), պաշտօնապէս՝ Դանիոյ Թագաւորութիւն (դանիերէն՝ Kongeriget Danmark, ˈkɔŋəʁiːəր ˈd̥ɛnmɑɡ̊), պետութիւն Հիւսիսային Եւրոպայի մէջ, երկու յաւելեալ բաղկացուցիչ հատուածներով, արտացամաքային՝ Հիւսիս-ատլանտեան Ֆարերեան կղզիները եւ Կրինլենտը՝ Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ։ Դանիա Հիւսիսային երկիրներուն ամենահարաւայինն է, տեղակայուած Շուէտէն դէպի հարաւ արեւմուտք, որուն հետ միացած է կամուրջ -փապուղիով, Նորվեկիայէն` հարաւ եւ հարաւէն սահմանակից է Գերմանիոյ: Երկիրը բաղկացած է մեծ թերակղզիէ մը` Եուտլանտիա եւ բազմաթիւ կղզիներէ՝ Զելանտիա, Ֆիւն, Լոլան, Ֆալսդեր եւ Պորնհոլմ, ինչպէս նաեւ հարիւրաւոր մանր կղզեակներէ, որոնք յաճախ կ'անուանուին Դանիական կղզեխումբ։ Դանիոյ թագաւորութիւնը խորհրդարանական համակարգով սահմանադրական միապետութիւն է, որուն կառավարութեան նստավայրը մայրաքաղաք Քոփենհակընն է։ Թագաւորութիւնը մենատիրական է։ Դանիոյ կազմին մէջ մտնող Կրինլանտի եւ Ֆարերեան կղզիներու կառավարումը կեդրոնական կառավարութեան կողմէ վերայղուած է այդ երկիրներուն՝ ներքին ինքնավարութեան սկզբունքով, որ կը կոչուի Դանիական ոստան[3]։ Ֆարերեան կղզիներու ժողովուրդը կը դիտարկուի որպէս համայնք՝ թագաւորութեան մէջ, իսկ Կրինլանտի ժողովուրդը՝ առանձին ժողովուրդ, ինքնորոշման իրաւունքով։ Այս պայմաններուն արդիւնքին մէջ 1973-ին Դանիա կը դառնայ Եւրոմիութեան անդամ, սակայն Կրինլանտը եւ Ֆարերեան կղզիները կը գերադասեն Եւրոմիութեան մաս չկազմել։
Նախապէս նաւագնաց հետախոյզ ծովահէններու բնակավայր ըլլալով, որոնք միջնադարուն ներխուժած էին Եւրոպայի եւ Ռուսաստանի բազմաթիւ տարածքներ եւ հոն հետագային բնակութիւն հաստատած էին: Դանիա միջին դարերուն կը դառնայ միասնական թագաւորութիւն։ Դանիոյ հետագայ պատմութեան վրայ էական ազդեցութիւն գործած է անոր աշխարհագրական դիրքը՝ Հիւսիսային եւ Պալթիք ծովերու միջեւ։ Ասիկա կը նշանակէ, որ Շուէտի եւ Գերմանիոյ միջեւ գտնուելով, Դանիա յայտնուած էր Պալթիք ծովուն տիրանալու փոխադարձ պայքարի կիզակէտին, քանի որ մինչեւ Քիլի ջրանցքին փորուիլը, ջրային ուղիները դէպի Պալթիք ծով հնարաւոր էին միայն երեք ջրանցքներով, որոնք յայտնի էին որպէս Դանիական ջրանցքներ։ Դանիա երկար ատեն վէճի մէջ էր Շուէտի հետ Սգանիոյ վրայ (Սգանիական պատերազմ) վերահսկողութիւն ունենալու իրաւունքը եւ Նորվեկիոյ հետ՝ Հանսական Միութիւն Շլեզուիկ (Դանիական կալուած) եւ Հոլշտայն Գերմանական կալուածներուն վրայ վերահսկողութիւն ունենալու իրաւունքը ձեռք բերելու համար։ Ի վերջոյ Դանիա հակամարտութեան մէջ կը զիջի եւ իբրեւ արդիւնք սկիզբը Սքանիա կը զիջի Շուէտին, իսկ աւելի ուշ Շլեզուիկ-Հոլշտայնը՝ Գերմանական կայսրութեան։ Հակառակ անոր որ Դանիական կայսրութիւնը կը կառավարէր Դանիան եւ Նորվեկիան, սակայն 1814-ին Դանիա-Նորվեկիոյ լուծարումէն ետք ձեռք կը բերէ Կրինլենտը եւ Ֆարերեան կղզիները, որոնք ԺԴ. դարէն գաղութի կարգավիճակի մէջ էին։ Ի. դարուն Ֆարերեան կղզիները եւ Կրինլենտը երկուքն ալ կը դառնան Դանիոյ Ոստանի անքակտելի մասերը եւ կը ստանան ինքնակառավարման իրաւունք համապատասխանաբար 1948 եւ 1979 թուականներուն։
Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան եւ ՆԱԹՕ-ի հիմնադիր, Տնտեսական համագործակցութեան եւ զարգացման կազմակերպութեան անդամ Դանիա նաեւ Եւրոպայի անվտանգութեան եւ համագործակցութեան անդամ էր։ Գերզարգացած խառն ճարտարարուեստ ունեցող տնտեսութեամբ եւ համատարած բարեկեցիկ Դանիան յառաջատար երկիրներէն է բնակչութեան եկամուտի հաւասարաչափ բաշխուածութեան ցուցանիշով եւ եկամուտի ցուցանիշով եօթներորդն է աշխարհի մէջ։ Յաճախ Դանիա կը գնահատուի որպէս ամենաերջանիկ երկիրը[4], իսկ կաշառակերութեամբ՝ վերջինը[5][6]։ Պաշտօնական լեզուն դանիերէնն է, որ սերտօրէն կապուած է շուէտերէնի եւ նորվեկերէնի հետ, որոնց հետ անիկա ունի մշակութային եւ պատմական սերտ կապեր։ Դանիա՝ Շուէտի եւ Նորվեկիոյ հետ միասին Սգանտինավիա մշակութային տարածքին մաս կը կազմէ, ինչպէս նաեւ Հիւսիսային խորհուրդի անդամ է։
Անուանում
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Դանիա բառի ստուգաբանութիւնը միշտ բանավէճերու առարկայ դարձած է[7][8]։ Բանավէճերը հիմնականօրէն կեդրոնացած են «Դան» նախածանցին վրայ. թերեւս անիկա աղերս ունի «Դաներ» գերմանական ցեղին հետ, կամ ալ պատմութեան մէջ հանրածանօթ՝ «Դան» թագաւորին հետ։ Բազմաթիւ տեսութիւններ կը բացատրեն[9], որ «դան»ը ժողովրդական անուանում է, որ կը նշանակէ «հարթավայր», գերմաներէնով Tenne «ներքնայարկ», անգլերէնով den «քարանձաւ», սանսքրիթով dhánuṣ- (धनुस्; «անապատ»)։ Առաջին անգամ Դանիա բառին արձանագրութիւնը գտած են սեպագիրներու տեսքով Ելինկի մէջ գրուած Կորմ Մեծահասակին կողմէն 955-ին եւ Հերալտ Ա․ Քափթաթամի կողմէն 965-ին։ Դանիա բառը, երկու քարերուն վրայ եւս, փորագրուած է տարբեր լեզուներով։
Պատմութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Նախապատմութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Առաջին հնագիտական բացայայտումները Դանիոյ (Denmark) կը վերաբերուին Ք.ա. 130.000-110.000 թուականներուն[10]։ Դանիա բնակչութիւն ունեցած է մօտաւորապէս Ք.ա. 12.500 թուականներուն, իսկ գիւղատնտեսութիւնը հոս զարգացած է շուրջ Ք.ա. 3900-ին[11]։ Դանիոյ տարածքին յայտնաբերուած են նաեւ Պրոնզէ դարու (Ք.ա. 1800-600) դամբարաններ եւ գերեզմանատուներ, ուր թաղուած են պրոնզէ տարատեսակ իրեր եւ Արեւային սայլեր։
Երկաթէ դարու ընթացքին տեղւոյն բնակիչները սկսած են գաղթել հարաւ, Հռոմէական կայսրութեան ժամանակ Հռոմէական մարզերը (provinces) սկսած են առեւտուրով զբաղիլ տեղի ցեղերուն հետ, այդ մասին կը վկայեն Դանիոյ տարածքին գտնուած Հռոմէական մետաղադրամները։ Մեծ էր նաեւ Քելթական (Celtic) մշակոյթի հետեւանքները տարածաշրջանին վրայ, այս մասին կը վկայեն երկրի տարածքին գտնուած Քելթական սպասքը եւ տարատեսակ այլ իրեր։
Պատմաբանները կը հաւատան, որ Դանիոյ նախնիները եկած են Դանիա կղզիներու հարաւէն «Զիլանտ» (Zealand) եւ կը խօսէին վաղ Գերմանական լեզուներով, իսկ Ժութլանտիոյ (Jutland) եւ մօտակայ կղզիներուն մեծ մասին բնակիչները Ժութերները եղած են։ Հետագային անոնք կը հրաւիրուին Մեծն Բրիտանիա, որպէս վարձկաններ Բրիտանական թագաւոր Վորթիկերնի (Vortigern) կողմէ եւ բնակութիւն կը հաստատեն Կենտի հարաւ-արեւելեան մասը, Ուայթ կղզին (Isle of Wight) նոյնպէս այն կղզիներէն էր, ուր անոնք բնակութիւն կը հաստատեն։ Հետագային անոնք կ'ենթարկուին ցեղային (ethnic) զտման անգլո-սաքսոններու կողմէ։ Մնացեալ բնակչութիւնը կը ձուլուի Դանիոյ ժողովուրդին հետ։
Միջին դարեր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ը. դարէն մինչեւ Ժ. դար Դան ժողովուրդը յայտնի էր որպէս ծովահէններ։ Նորվեկիացիներու եւ շուէտներու հետ անոնք գաղութ հաստատած են եւ առեւտուրով զբաղած Եւրոպայի մեծ մասին հետ։ Ծովահէն նաւագնացները Թ. դարուն յանկարծ կը յայտնաբերեն Իսլանտան, Ֆարօ կղզիներու ճամբուն կը յայտնաբերեն նաեւ «Վինլանտը» (գինիի երկիր), որ այժմ յայտնի է Նիւֆաունտլանտ անուանմամբ Քանատայի մէջ։ Դանիական ծովահէնները ամէնէն աշխուժն էին բրիտանական կղզիներուն եւ Արեւմտեան Եւրոպայի մէջ։ Անոնք ժամանակաւորապէս բնակութիւն կը հաստատեն Անգլիա, Իրլանտա եւ Ֆրանսա, ուր կը հիմնեն Նորմանտին։ Բազմաթիւ անգլո-սաքսոններ այս ժամանակահատուածին բնակութիւն կը հաստատեն Դանիա, ապա կը տեղափոխուին Անգլիա։ Ինչպէս կը վկայեն սեպագիր արձանագրութիւնները: Դաները քրիստոնէութիւնը ընդունած են շուրջ 965-ին, որուն գլխաւոր տարածողը Հերալտ Պլիւթութը եղած է։ Կ'ենթադրուի նաեւ, որ Դանիա քրիստոնեայ դարձած է քաղաքական պատճառներով, որպէսզի ապահովագրուի աճող քրիստոնէական ուժի ներխուժումէն եւ Գերմանիոյ հետ առեւտրական յարաբարութիւններու պահպանմամբ։ Այս ժամանակահատուածին Հերալտ կը կառուցէ վեց ամրոց Դանիոյ տարածքին, իսկ աւելի ուշ կը կառուցէ Դաներվիրկէն։ ԺԱ. դարու սկիզբը Քնուտ Մեծը յաղթանակ կը տանի եւ կը միաւորէ Դանիան, Անգլիան եւ Նորվեկիան՝ շուրջ 30 տարի[12]։
Բարձր եւ ուշ միջնադարերուն Դանիա կը նուաճէ նաեւ Սքանիան (Սքոնը, Հալլանտը եւ Պլեքինկը) եւ Դանիական Էսթոնիան, ինչպէս նաեւ Սուեզլիքի եւ Հոլշթէյնի դքսութիւնները։
1397-ին, Դանիա միութիւն կը ստեղծէ Նորվեկիոյ եւ Շուէտի հետ, Մարկրիթ Ա. թագուհիին ղեկավարութեամբ։ Միութեան երեք երկիրներու իրաւունքները հաւասար էին։ Սակայն Մարկրիթի ղեկավարութիւնը Դանիոյ կու տար կարգ մը իրաւունքներ[13]։ Այսպէս սկանտինաւեան պատմութեան յաջորդ 125 տարին կապուած էր այս միութեան հետ։
Բողոքականներու բարեփոխումները Սկանտինաւիա կու գան 1530-ականներուն, որու կը յաջորդէ քաղաքացիական պատերազմը, Դանիա կ'ընդունի Լուտըրականութիւնը 1536-ին։ Աւելի ուշ Դանիա Նորվեկիոյ հետ կը ստեղծէ նոր միութիւն մը։
Վաղ Ժամանակակից Պատմութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]1523-ին Շուէտ՝ Քալմարեան միութիւնէն դուրս գալէն ետք, Դանիա անընդհատ կը փորձէր վերականգնել իր տիրապետութիւնը Շուէտի մէջ։ Առաջին փորձը Հիւսիսային եօթնամեայ պատերազմն էր, որ կ'ընթանայ 1563-1570 թուականներուն։ Երկրորդ փորձը Քալմարեան պատերազմն էր, երբ Քրիսթիան Դ. կը յարձակի Շուէտի վրայ 1611-ին, բայց չի հասնիր իր հիմնական նպատակին՝ պարտադրել, որ Շուէտ միութեան վերամիանայ։ Պատերազմը տարածային փոփոխութիւններ չի մուծեր, բայց Շուէտ ստիպուած կը վճարէ 2 միլիոն արծաթ՝ ռազմական տուգանք[14]։
Քրիսթիան թագաւորը այս միջոցներով կը կառուցէ քանի մը քաղաքներ եւ ամրոցներ, որոնցմէ ամէնէն յայտնիներն են՝ Կլիւքսթատթը Glückstadt (որպէս հակակշիռ Համպուրկին), Քրիսթիանիան (Christiania) (հետագային կը վերանուանուի Օսլօ), Քրիսթիանշաւնը, Քրիսթիանսթատը եւ Քրիսթիանսանտը։ Ոգեշնչուելով Նիտըրլենտներու գաղութատիրական քաղաքականութենէն թագաւոր Քրիսթիանը կ'որոշէ ծրագրաւորել դանիական գաղութատիրական քաղաքականութիւնը, որուն մտահորիզոններուն մէջ կը ծրագրաւորուէր գաղութականացնել Սրի Լանքան: Սակայն այս ծրագիրի արդիւնքով կը յաջողին գաղութականացնել Թրանքըպարը (Tranquebar) Հնդկաստանի մէջ։ Դանիոյ գաղութատիրական կայսրութիւնը կը սահմանափակուի միայն քանի մը որոշիչ առեւտրային տարածքներով Ափրիկէ եւ Հնդկաստան։
Պատերազմի երեսուն տարիներու ընթացքին Քրիսթիան թագաւորը կը փորձէ ղեկավարել Գերմանիոյ Լուտըրական նահանգները, բայց ջախջախիչ պարտութիւն կը կրէ Լուտըրի ճակատամարտին[15], որուն հետեւանքով կաթոլիկ բանակը գլխաւորութեամբ՝ Ալպրեխթ ֆոն Վալենշթայնի (Albrecht von Wallenstein) կը գրաւէ եւ կը կողոպտէ Եուտլանտը[16] Դանիոյ ստիպելով դուրս գալ պատերազմէն։ Դանիա կը յաջողի խուսափիլ տարածքներ կորսնցնելէ, սակայն տարածաշրջանին ընդհանուր հսկողութիւնը կ'անցնի Շուէտի ձեռքը։ Շուէտական զօրքերը 1643-ին կը ներխուժեն Եուտլանտա եւ կը նուաճեն Սքանիան (Scania) 1644-ին։ Շուէտական ներխուժումին հետեւանքով Դանիոյ գիւղատնտեսութիւնը կը տուժէ, իսկ բնակչութիւնը կը նուազի 20 տոկոսով[17]։
1645-ին Պրոմսպրոյի պայմանագիրով (Treaty of Brømsebro) Դանիա կը կորսնցնէ Հալլանտը, Կոթլանտը, Դանիական Էսթոնիոյ մնացած հատուածը եւ Նորվեկիոյ որոշ տարածքներ։ 1657-ին Ֆրետերիք Գ.-ը պատերազմ կը յայտարարէ Շուէտի վրայ եւ կ'ուղղուի դէպի Պրեմեն-Վերտեն (Bremen-Verden)։ Ասիկա պատճառ կը դառնայ, որ դանիական զօրքերը վերջնականապէս ջախջախուին եւ 1658-ին Ռոսքիլտի պայմանագիրով (Peace of Roskilde) Շուէտին կ'անցնին Եուտլանտը, Ֆունենը (Funen) եւ Զիլանտի (Zealand) մեծ մասը։ Չարլզի Ժ. Կուսթաւ (Charles X Gustav) կը զղջայ, որ ամբողջութեամբ չէր ոչնչացուցած Դանիան եւ կը սկսի Քոփընհակընի երկու տարուան պաշարումը, բայց չի կրնար գրաւել զայն։ Յաջորդ հաշտութեան պայմանագիրով Դանիա կը յաջողի պահպանել իր անկախութիւնը։
«Սքանիա պատերազմ»ին Դանիա կը փորձէ վերականգնել վերահսկողութիւնը Սքանիոյ մէջ, բայց չի յաջողիր։ Յաջորդ «Հիւսիսային Մեծ պատերազմին» (1700–1721 թուականներուն), Դանիա կը յաջողի վերականգել հսկողութիւնը Շլեսվիկի եւ Հոլսթէյնի մէջ։ Նափոլէոնական պատերազմներուն Դանիա չէզոք դիրք կը բռնէ, շարունակելով առեւտրային յարաբերութիւններու մէջ մնալ հակամարտող կողմերուն հետ եւ կը միանայ երկրորդ չէզոք զինուած լիկային՝ Ռուսական կայսրութեան, Շուէտի եւ Փրուսիոյ հետ միասին։ Մեծն Բրիտանիան այս միացման ընթացքը կը համարէ թշնամական արարք մը եւ կը յարձակի Քոփընհակընի վրայ, որուն հետեւանքով Դանիոյ ռազմածովային ուժերը կ'ոչնչանան եւ Քոփընհակընէն հատուած մը կը քանդուի։ Կը սկսի Դանիա-Բրիտանական պատերազմը, որուն արդիւնքով Դանիա տնտեսական շրջափակում կ'ունենայ եւ տնտեսութիւնը անկման եզրին կը կանգնի։ Դանո-Նորվեկիական դաշինքը կը խզուի «Քիէլի պայմանագիր»ով 1814-ին։ Նորվեկիա Շուէտի հետ կը ստեղծէ նոր միութիւն, որ կը գոյատեւէ մինչեւ 1905։ Դանիան ի վիճակի կ'ըլլայ պահպանելու Իսլանտան, Ֆերոյի կղզիները եւ Կրինլենտը։
Կերպարուեստ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]-
«Հռոմէական օստերիոյ ներսը», Քարլ Պլոխ, 1866
-
«Ուակեփեթերսեն ընտանիքը», Ուիլհելմ Պենտզ, 1830
Բնակչութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
|
|
|
|
Պատկերասրահ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ 1,0 1,1 Folketal den 1. i kvartalet efter civilstand, alder, tid, område och køn — Danmarks Statistik.
- ↑ Human Development Report — Միավորված ազգերի կազմակերպության զարգացման ծրագիր.
- ↑ Harhoff, Frederik (1993) Rigsfællesskabet (Realm). Århus: Klim, p. 498. ISBN 87-7724-335-8 Կաղապար:Ref-da, (անգլերէն)ամփոփումով
- ↑ «Transparency International – the global coalition against corruption»։ Transparency.org։ 15 December 2010։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 25 April 2012-ին։ արտագրուած է՝ 2011 թ․ հունիսի 2
- ↑ Francesca Levy, "The World's Happiest Countries", Forbes 14 Յուլիս 2010 (անգլերէն)
- ↑ Francesca Levy, "Table: The World's Happiest Countries", Forbes 2010 հուլիսի 14 (անգլերէն)
- ↑ Kristian Andersen Nyrup, Middelalderstudier Bog IX. Kong Gorms Saga Archived 2010-01-09 at the Wayback Machine. Կաղապար:Ref-da
- ↑ Indvandrerne i Danmarks historie, Bent Østergaard, Syddansk Universitetsforlag 2007, ISBN 978-87-7674-204-1, pp. 19–24 Կաղապար:Ref-da
- ↑ J. de Vries, Altnordisches etymologisches Wörterbuch, 1962, 73; N. Å. Nielsen, Dansk etymologisk ordbog, 1989, 85–96. (գերմ.)
- ↑ Michaelsen (2002), p. 19.
- ↑ Nielsen Poul Otto (May 2003)։ «Denmark: History, Prehistory»։ Royal Danish Ministry of Foreign Affairs։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 22 November 2005-ին։ արտագրուած է՝ 2006 թ․ մայիսի 1
- ↑ Lund Niels (May 2003)։ «Denmark – History – The Viking Age»։ Denmark։ Royal Danish Ministry of Foreign Affairs։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 10 May 2006-ին։ արտագրուած է՝ 24 June 2012 (անգլերէն) Historical Atlas of Denmark (անգլերէն)
- ↑ Palle Lauring, A History of the Kingdom of Denmark (Host & Son Co.: Copenhagen, 1960) p. 108. (անգլերէն)
- ↑ «Kalmarkriget 1611–1613»։ Svenskt Militärhistoriskt Bibliotek։ արխիւացուած բնօրինակէն 11 October 2007-ին։ արտագրուած է՝ 4 Մայիս 2007 թ․ շուէտ.՝ {{{1}}}
- ↑ Parker, pp. 69–70.
- ↑ Parker, p. 70.
- ↑ Geoffrey Parker (2001). "Europe in crisis, 1598–1648". Wiley-Blackwell. p.205. ISBN 0-631-22028-3 (անգլերէն)
- ↑ 18,0 18,1 18,2 18,3 18,4 18,5 18,6 http://www.statistikbanken.dk/FOLK1 — Danmarks Statistik.
- ↑ BEV22|Befolkningens udvikling efter kommune, bevægelsesart og køn — Danmarks Statistik.
|