Կլոմերուլային Զտում
Կլոմերուլային Զտումը մէզի պատրաստման առաջին քայլն է: Անիկա այն գործընթացն է, զոր երիկամները կ'օգտագործեն արեան մէջ գտնուող աւելորդ հեղուկը եւ թափօնները զտելու համար երիկամի մէզը հաւաքող խողովակներուն մէջ, որպէսզի անոնք աւելի ուշ հեռացուին մարմինէն[1]:
Մարմինին Մէջ Մէզ հաւաքուելու Պատճառներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Երիկամները եւ միզուղիներու համակարգը միասին կը ստանան աւելի քան մէկ լիթր արիւն ամէն վայրկեան եւ օրական կ'արտաքսեն շուրջ 1,5 լիթր մէզ` արդիւնաւէտ ձեւով ազատելով մարմինը աւելորդ ջուրէն եւ թափօններէն, որոնք հակառակ պարագային լուրջ հարցեր կրնան յառաջացնել:
Մարմինը կը նիւթափոխէ (մեթապոլիզմ) այն նիւթերը, զորս մարդը կ'ուտէ եւ կը խմէ: Այս մէկը ներուժ կ'արտադրէ, ինչպէս նաեւ` տարբեր շինանիւթեր, որոնք անհրաժեշտ են մարմինին հիւսուածքներն ու օրկանները առողջ պահելու համար: Այս մէկը կատարուած ատեն կ'արտադրուին շարք մը այլ նիւթեր, զորս կարելի չէ օգտագործել կամ պահել երկար ժամանակ: Անոնք պէտք է հեռացուին թունաւոր կուտակումները կանխելու համար: Առաւել եւս, մարմինին սննդակարգը յաճախ կը պարունակէ այնպիսի նիւթեր, որոնք մարմինին պէտք եղածէն շատ աւելին են (օրինակ` ածխաջուրերը եւ ճարպերը): Մարմինը ջուրի մէջ չլուծուող թափօններէն կ'ազատի կղկղանքի միջոցով (ինչպէս` չմարսուած մանրաթելը (fibre) եւ պաքթերիաները), իսկ ջուրին մէջ լուծուող թափօններէն` մէզի միջոցով (օրինակ` իւրէայէն (urea) եւ հանքանիւթերէն` նաթրիոմէն (Na) եւ փոթասիոմէն (K)): Որոշ մթերքներ եւ դեղատեսակներ կրնան փոխել մէզին գոյնը. օրինակ` ճակնդեղը, մորենին (blackberry) եւ խաւարծիլը (rhubarb) կրնան մէզին գոյնը կարմիր կամ վարդագոյն դարձնել: Այս կը վկայէ այն մասին, որ ձեր երիկամները մարմինէն կ'արտաքսեն լուծուող ներկանիւթերը:
Մէզի միջոցով արտաքսուող հիմնական նիւթերն են.
- Նիւթափոխանակութեան թափօններ, օրինակ` իւրէան (urea) եւ քրէաթինինը (creatinine):
- Ելեկտրալոյծերը (electrolyte)` ոչ օրկանական նիւթեր (ինչպէս` նաթրիոմը (Na), փոթասիոմը (K), կրածինը (Ca), քլորը (Cl) եւ պիքարպոնաթը (HCO3), զորս մարմինը կ'օգտագործէ մարմինէն ներս հեղուկի քանակը վերահսկելու համար:
- Ջուրը
Մէզի արտադրումը պարտադիր է, այսինքն այդ մէկը կը կատարուի անկախ անկէ, թէ ի՛նչ տեղի կ'ունենայ մարմինին մէջ. օրինակ, մարմինը մէզ կը շինէ նոյնիսկ երբ սուր ջրազրկում կայ: Ասիկա տեղի կ'ունենայ մարմինէն տարբեր լուծոյթներ արտաքսելու անհրաժեշտութեան պատճառով` ներքին պայմանները կայուն եւ համեմատաբար հաստատուն պահելու համար, որպէսզի մարմինին բոլոր ֆիզիոլոկիական գործընթացները արդիւնաւէտ ձեւով շարունակուին: Մէզ պատրաստելը բարդ գործընթաց է, եւ այդ մէկը ընելու համար իւրաքանչիւր երիկամ կը պարունակէ շուրջ մէկ միլիոն մասնագիտացուած կառուցուածքներ, որոնք կը կոչուին նեֆրոններ:
Կլոմերուլային Զտման Գործընթացը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Մէզի պատրաստման առաջին քայլը արեան հեղուկ մասի (փլազմայի) բաժանումն է արեան բջիջներէն: Փլազման կը պարունակէ արեան մէջ բոլոր լուծոյթները: Երիկամներուն մէջ իւրաքանչիւր նեֆրոն ունի մանրադիտակային զտիչ մը, որ կը կոչուի կլոմերուլ, որ անընդհատ կը զտէ արիւնը:
Արիւնը, որ կը պատրաստուի զտուելու, կը մտնէ կլոմերուլ, որ արեան մազանօթներու (արեան անօթներու ամէնէն փոքր տեսակը) փունջ մըն է: Կլոմերուլը կը գտնուի գնդաձեւ պարկի մը մէջ, որ կը գտնուի իւրաքանչիւր նեֆրոնի վերջը, որ կը կոչուի կլոմերուլային պարկուճ (Glomerular Capsule)[2]: Կլոմերուլային մազանօթները իրենց պատերուն մէջ ունին ծակտիկներ` մաղի նման: Մազանօթային ցանցերու մեծ մասը խրուած կ'ըլլայ զարկերակներու (Arteries) եւ երակներու (Veins) միջեւ (մազանօթները արիւն կը մատակարարեն զարկերակներուն եւ կը հաւաքեն զայն երակներէն), եւ ջրակայուն ճնշումը (1) (hydrostatic pressure) կը նուազի, երբ արիւնը մազանօթի միջոցով կ'անցնի մազային զարկերակներուն եւ երակներուն: Միւս կողմէ` կլոմերուլը կը գտնուի երկու զարկերակներու միջեւ. առբերող (afferent) զարկերակները արիւն կը հասցնեն կլոմերուլին, իսկ արտաբերող (efferent) երակները կը հաւաքեն զայն հոնկէ: Երբ արիւնը դուրս կու գայ կլոմերուլէն, արտաբերող երակներու մէջ տեղի կ'ունենայ կծկում մը, որ կ'ապահովէ արեան հոսքի դիմադրութիւն` կանխելով արեան ճնշման անկումը, որ արգելք կրնայ հանդիսանալ, եթէ երակներուն մէջ կծկում տեղի չունենայ[3]:
Արտաբերող եւ առբերող զարկերակները կը փոխուին չափերով` կլոմերուլին մէջ արեան ճնշումը բարձրացնելու կամ նուազեցնելու համար: Բացի անկէ` արտաբերող զարկերակները տրամաչափով աւելի փոքր են, քան` առբերողները: Իբրեւ արդիւնք` ճնշուած արիւնը համեմատաբար լայն խողովակով կը ներթափանցէ կլոմերուլ, սակայն ստիպուած կ'ըլլայ դուրս գալու աւելի նեղ խողովակի միջոցով: Միասին այս իւրայատուկ յատկանիշները, ինչպէս նաեւ այն իրականութիւնը, որ սիրտը երիկամներուն կը մատակարարէ աւելի քան մէկ լիթր արիւն մէկ վայրկեանի մէջ (սրտի արդիւնահանման շուրջ 20%-ը), կը պահպանեն կլոմերուլային մազանօթային բարձր ճնշումը եւ երիկամի զտման գործառնութիւնը` անկախ արեան հոսքի տատանումներէն: Օրինակ, մարզանքի ատեն, երբ արեան հոսքը դէպի երիկամ կը նուազի, համակրական (sympathetic) ջղային համակարգը կրնայ խթանել արտաբերող զարկերակներու կծկումը:
Կլոմերուլային մազանօթային պատերու ֆիզիքական յատկանիշները կ'որոշեն, թէ ի՛նչը կարելի է զտել եւ որքանով:
Մազանօթներուն Պատերը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Մազանօթներուն պատերը կազմուած են երեք շերտերէ.
- Էնտոթելիոմ.- Ունի համեմատաբար մեծ ծակտիկներ (70-100 նանօմեթր տրամաչափով), որոնց միջոցով կրնան անցնիլ` լուծոյթները, փլազմայի սպիտակուցները եւ հեղուկը, սակայն ո՛չ արեան բջիջները:
- Հիմնային թաղանթ (Basement membrane).- Այս թաղանթը նոյնպէս կազմուած է երեք շերտէ եւ կը միաձուլուի էնտոթելիոմի շերտին: Անոր պարտականութիւնը փլազմայի սպիտակուցներու արեան հոսքէն զտելու կանխումն է:
- Էփիթելիոմ.- Այս շերտը բաղկացած է մասնագիտացուած բջիջներէ, որոնք կը կոչուին podocytes: Այս բջիջները կը կցուին հիմնային թաղանթին` իրենց ունեցած ոտնաթաթերով: Անոնք կը փաթթուին մազանօթներուն շուրջ, բայց անոնց միջեւ կը ձգեն ճեղքեր (slits), որոնք ծանօթ են որպէս «զտման ճեղքեր»: Ճեղքերուն միջեւ գոյացած բարակ միջնամաշկը կը հանդիսանայ զտման վերջնական պատնէշ` նախքան հեղուկին կլոմերուլային տարածութիւն ներթափանցելը:
Բացի իւրայատուկ կլոմերուլային մազանօթային յատակէն` երիկամները ունին նաեւ այլ մասնագիտացուած մազանօթներ, որոնք կը կոչուին peritubular capillaries: Ասոնք արեան փոքրիկ անօթներ են, որոնք զուգահեռ են եւ կը շրջապատեն նեֆրոնի մօտիկ (proximal) եւ հեռաւոր (distal) խողովակները, ինչպէս նաեւ` Հենլէի հանգոյցը, որ կը գտնուի այն շրջանին մէջ, որ կը կոչուի vasa recta: Vasa recta-ն կարեւոր է հակահոսանքի փոխանակման (countercurrent exchange) համար` մէզի խտացումը (concentrate) ապահովելու համար:
Կլոմերուլային Զտման Չափը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Երիկամներու արեան զտման արագութիւնը կը կոչուի կլոմերուլային զտման չափ: Զտման գործընթացին հիմնական մղիչ ուժը արեան ճնշումն է, ճիշդ այն պահուն, երբ արիւնը կը մտնէ կլոմերուլ: Այդ ճնշումին որոշ չափով կը հակազդէ ներսի ճնշումը` միզուղիներուն մէջ գոյացած հեղուկին ջրակայուն եւ մազանօթներուն մէջ մնացած սպիտակուցներուն կողմէ յառաջացած ճնշումը: Այս ձեւով կարելի է հաշուել զտման զուտ ճնշումը (net filteration pressure)` արտաքին ճնշումէն պակսեցնելով ներքին ճնշումը:
Կլոմերուլային Զտման Չափը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Շատ բնական է, որ արեան ճնշումը տատանի օրուան ընթացքին. սակայն, թերեւս` զարմանալիօրէն, այդ մէկը ոչ մէկ ազդեցութիւն կ'ունենայ կլոմերուլային զտման չափին վրայ: Պատճառն այն է, որ բնական պայմաններուն մէջ մարմինը կրնայ վերահսկել այդ մէկը` շնորհիւ արտաքին եւ ներքին մեքանիզմներու:
Ներքին մեքանզիմներէն է «երիկամներու ինքնակարգաւորում»ը: Երիկամը ինքնին կրնայ կարգաւորել առբերող զարկերակներու լայնացումը կամ կծկումը, եւ այդ մէկը կը հակազդէ արեան ճնշման փոփոխութիւններուն: Այս ներքին մեքանիզմը կը գործէ արեան ճնշման մեծ փոփոխութիւններուն պահուն անգամ, բայց կրնայ խանգարուիլ, եթէ երիկամներու հիւանդութիւն ունենայ անձը[4]: Արտաքին մեքանիզմներ են.
- Ջղային համակարգին վերահսկողութիւնը.- այս արտաքին մեքանիզմը կրնայ անտեսել երիկամներու ինքնակարգաւորումը եւ անհրաժեշտութեան պարագային պակսեցնել կլոմերուլային զտման չափը: Օրինակ, եթէարեան ճնշման մեծ անկում ունի անհատը, որ կրնայ տեղի ունենալ շատ արիւն կորսնցնելու պարագային, ջղային համակարգը կը խթանէ առբերող զարկերակներու կծկումը` նուազեցնելով մէզի արտադրութիւնը: Եթէ պէտք ըլլան յաւելեալ միջոցներ, ջղային համակարգը կրնայ նաեւ գործուն դարձնել ռենին-անճիոթենսեն-ալտոսթերոն համակարգը (հորմոնային համակարգ մը, որ կը կարգաւորէ արեան ճնշումը եւ հեղուկի հաւասարակշռութիւնը):
- Հորմոնային վերահսկողութիւնը.- Atrial natriuretic peptide-ը հորմոն մըն է, որ կրնայ մեծցնել կլոմերուլային զտման չափը: Այս հորմոնը կ'արտադրուի սիրտին մէջ եւ կ'արտածորի (secretion), երբ փլազմային չափը կը մեծնայ, այսպիսով կ'աւելնայ մէզի արտադրութիւնը:
Քրէաթինինը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Քրէաթինինը (creatinine) քրէաթինի (creatine) նիւթափոխանակութեան թափօն է: Անիկա կ'արտադրուի մկաններուն մէջ, երբ քրէաթինը կը նիւթափոխանակուի ներուժ տալու համար: Քրէաթինինը ետ չի ներծծուիր կամ չ'արտածորիր, այլ կը զտուի բացառապէս երիկամներու միջոցով, ուստի արեան հոսքէն անոր արտաքսման չափը ուղղակիօրէն կապուած է երիկամներու արդիւնաւէտ զտման հետ: Արիւնէն օրինակ մը առնելով, չափելով քրէաթինինի քանակը եւ համատեղելով զայն այլ տեղեկութիւններու հետ, ինչպիսիք են` տարիքը, ցեղային պատկանելիութիւնը, սեռը, հասակը եւ ծանրութիւնը, կարելի կ'ըլլայ կլոմերուլային զտման չափը (GFR) գնահատել: GFR-ը կրնայ լաւ պատկերացում տալ, երիկամներու առողջութեան մասին: