(Translated by https://www.hiragana.jp/)
Յուլեան տոմար — Ուիքիփետիա Jump to content

Յուլեան տոմար

Յուլեան տոմար, Ք.Ա. 46-ին Հռոմի կայսր Յուլիոս Կեսար կը սրբագրէ եգիպտական օրացոյցին մէջի որոշ թերութիւններ, որմէ ետք անիկա կը կոչուի յուլիական կամ յուլեան։ Ամիսներէն մէկ քանին ունէին 31, միւսները՝ 30, իսկ Փետրուարը՝ 28 օր։ Չորս տարին մէկ՝ Փետրուարին վրայ կ'աւելնայ մէկ օր. 366 օր ունեցող տարին կը կոչուի նահանջ տարի։ Այսպիսով, տարուան տեւողութիւնը միջին հաշուով կը յարմարի 365,25 օրուան, որ մօտաւորապէս կը համապատասխանէ Արեւուն շուրջ Երկիրին դառնալուն։ 1582-ին Գրիգորիս ԺԳ. պապին վերատեսութեամբ կը ներմուծուի արեւմտեան կամ քրիստոնէական օրացոյցը (որ ծանօթ է Նոր կամ Գրիգորեան տոմար անունով), ըստ որուն՝ նահանջ տարիներուն թիւը կը կրճատուէր այնպէս մը, որ տարուան տեւողութիւնը դառնայ 365,2425 (յուլեան տարիէն 10,8 վյրկ. նուազ)[1]։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]