Պարա (Սուրիա)
Պարա կամ Ալ Պարա (արաբերէն՝ بارة), Հալէպի մօտակայքը գտնուող «մեռեալ քաղաքներ»էն մէկը։
Պարան կը գտնուի Սուրիոյ հիւսիս-արեւմուտքը, Զաուիա լերան մօտ, մօտաւորապէս 65 քմ հեռաւորութեան վրայ դէպի Համայի հիւսիսը. Հալէպէն 80 քմ հարաւ-արեւմուտք: Ալ Պարան նաեւ Արիհայի արուարձաններէն մէկն է: Ըստ Սուրիոյ Կեդրոնական վիճակագրութեան գրասենեակին, Ալ Պարայի բնակչութեան թիւը կը հաշուէր 10,353 մարդ, ըստ 2004 թուականին տեղի ունեցած մարդահամարի տուեալներուն[1]:
Բնակավայրը հիմնուած է 4-րդ դարուն, Անտիոքի եւ Աֆամիայի (Համա) միջեւ կարեւոր առեւտրական ճանբուն վրայ: Շնորհիւ իր ունեցած լաւ դիրքին եւ յարամարաւէտ պայմաններով արտադրած գինիին եւ ձիթաիւղին, այն 5-րդ եւ 6-րդ դարերուն շարունակ զարգացում ապրած է: Երբ մուսուլմանները նուաճած են տարածաշրջանը եւ առեւտրական ճամբաները ընդհուատած եւ այլ մեռեալ քաղաքները լքուած են, Պարա մնացած է բնակուած քաղաք, բնակիչներուն մեծ մասը մնացած են քրիստոնեայ ու քաղաքն դարձած է Անտիոքի եպիսկոպոսութեան ենթակայ նստավայրը:
1098 թուականին, նուաճուած է Խաչակիրներուն կողմէ: 1123 թուականին, մահմետականները վերագրաւած են քաղաքը, ուր կառուցած են փոքր ամրոց մը. աւելի ուշ 12-րդ դարուն, տեղի ունեցած սաստիկ երկրաշարժէն ետք, քաղաքը լքուած է:
Պատմական Մշակոյթ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Պարայի մէջ կը հանդիպինք տարբեր դարաշրջաններու պատկանող յուշարձաններու, որոնցմէ են քարաշէն տուները. այդ տուներէն բաժիններ տակաւին կանգուն են: Քաղաքի տարածքին կը գտնուին նաեւ երեք հնագիտական եկեղեցիներ, ինչպէս նաեւ հսկայական դամբարաններ՝ խճաքարերով ծածկուած խորանարդաձեւ յատակով[2]:
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ General Census of Population and Housing 2004. Syria Central Bureau of Statistics (CBS). Idlib Governorate.
- ↑ «Սուրիոյ զբօսաշրջութեան կայքէջ»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-11-04-ին։ արտագրուած է՝ 2016-09-15