Վանայ լիճ
Վանայ լիճ, անհոսք աղի լիճ Հայկական լեռնաշխարհին մէջ, Մեծ Հայքի Տուրուբերան եւ Վասպուրական նահանգներուն մէջ[1]: Ներկայիս Թուրքիոյ Հանրապետութեան արեւելքը կը գտնուի Հայկական Տաւրոսի հիւսիս-արեւելեան մասին, Կորդուաց լեռներուն, Կոտուր լեռնաշղթային եւ Ծաղկանց լեռներուն միջեւ, 1720 մ. բարձրութեան վրայ։ Երբեմնի մեծ ջրային աւազանի մը մնացորդն է։
Լիճին հայելին (մակերեսը) 3760 քառակուսի քմ. է: Առաւելագոյն լայնքը՝ շուրջ 51 քմ., խորքը՝ մինչեւ 145 մ.: Անիկա գրեթէ 2.5 անգամ մեծ է Սեւանայ լիճի մակերեսէն։ Ունի անկանոն քառանկիւնի տեսք մը, խիստ կտրուած է, յաճախ՝ զառիթափ ափերով։ Հիւսիս-արեւելքը Արճէշի խորշն է, ափերուն՝ Դեւեպոյնի, Ծղուկ եւ Կտուց հրուանդանները։ Նախապէս ունեցած է 7 կղզի, այժմ մնացած են 4-ը՝ Լիմ, Կտուց, Առտէր եւ Աղթամար:
Վանայ լիճը կը գտնուի թեքթոնական (անգլ.՝ tectonic) իջուածքի վրայ։ Անոր գոգաւորութիւնը բարդ կառուցուածքի բազմաստիճան կրապէն (անգլ.՝ graben) է, որուն եզրերով կ'անցնին մեծ բեկուածքներ։ Կրապէնը (անգլ.՝ graben) յառաջացած է մագամիոսէնի (անգլ.՝ Miocene) մէջ։ Ստորին միոսէնին (անգլ.՝ Miocene) մէջ թրանսկրասիան (անգլ.՝ transgression) ծածկած է նաեւ լիճին իջուածքը։ Թորթոնէն սկսեալ թրանսկրասիան (անգլ.՝ transgression) նահանջած է, եւ իջուածքին ձեւաւորուած է լճային (անգլ.՝ lagoon) աւազան մը։ Միոսէնի (անգլ.՝ Miocene) վերջաւորութեան, Հայկական Տաւրոսի շեշտակի բարձրացման հետեւանքով, լիճին մնացորդային աւազանին ջուրը հոսած է դէպի Մուշ եւ հարեւան վայրէջքները, որմէ ետք, մինչեւ փլէյսթոսէն (անգլ.՝ pleistocene), յիշատակուած մարզը եղած է ցամաքային զարգացման հանգրուանի մէջ։
Ժամանակակից լիճին յառաջացումը կապուած է Սիփան եւ Նեմրութ հրաբուխներէն արտավիժած լաւաներով ջուրերու արգելափակման հետ։ Թեքթոնական (անգլ.՝ tectonic) շարժումները կը շարունակուին երկրաշարժներու ձեւով նաեւ ներկայիս։ Լիճը կը սնանի մթնոլորտային տեղումներէն, ստորերկրեայ ջուրերէն եւ գետերէն։ Հայկական լեռնաշխարհի ցամաքային կլիմայի պայմաններուն մէջ գտնուելով, լիճը ամենախիստ ձմեռներն անգամ, ամբողջովին չի սառիր։ Կը գերիշխեն տեղական եւ փչող քամիները։ Կենդանական-բուսական աշխարհը աղքատ է։ Ձուկերէն կայ միայն տառեխը: Թռչնաշխարհին բնորոշ են որորներն ու ջրագռաւները, որոնք հոս կու գան մօտակայ Նազիկ լիճէն։ Մերձափնեայ բնակչութիւնը կը զբաղի ձկնորսութեամբ եւ աղի արդիւնագործութեամբ։ Հնագոյն ժամանակներէն ի վեր լիճին մէջ նաւարկութիւն կ'ընէին:
Վանայ լիճի անուանումները
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Նախքան Հայկական լեռնաշխարհի առաջին պետութեան՝ Վանի թագաւորութեան ի յայտ գալը, Վանայ լիճը ասորեստանցիները կը կոչէին «Նայիրի երկրի ծով» (tâmtu ša mât Nairi), շատ հաւանական է, որ «Նայիրի» անուանումը ասորերէն կը նշանակէ «Ուրարտացիներ»։ Վանայ լիճին ուրարտական անուանումը անյայտ է, բայց որոշ հին յունական աշխարհագէտներու որոշակի յիշատակութիւններով կ'ենթադրուի, որ ուրարտացիները զինք անուանած են «Արսենէ» (հին յունարէն՝ Αρσηνή, Ստրաբոն Ժա., գլուխ. Ժդ., 3)։ Բացի ատկէ, շատ հին հեղինակներ կ'օգտագործէին «Թոփիթիս» կամ «Թոսփիթիս» անուանումը (հին յունարէն՝ Θωπι̂
Վանի թագաւորութեան (Ուրարտու) ամրոցի աւերակներ՝ հաւանաբար կառուցուած Սարդուրի Ա․-ի կողմէն՝ Ուրարտուի մայրաքաղաք Տուշպան ամրացնելու նպատակով (Ք․Ա․ IX դար): | Հայկական Սուրբ Խաչ Եկեղեցին՝ կառուցուած Աղթամար կղզիին մէջ 915-921 թուականներուն Արծրունի իշխան Գագիկի կողմէն, հին ուրարտական շինուածքի հիմքին վրայ։ |
Պատմական հետագայ ժամանակաշրջանին Մեծ Հայքի թագաւորութիւնը երբեմն անկախութիւն ձեռք բերած է, երբեմն յայտնուած է Պարսկաստանի եւ Հռոմէական կայսրութեան տիրապետութեան տակ։ Ժէ. դարէն սկսեալ լիճը իր շրջակայքով կը մտնէ Օսմանեան կայսրութեան կազմին մէջ։ Ա. համաշխարհային պատերազմին հետեւանքով Օսմանեան կայսրութիւնը կը սկսի անկում ապրիլ, եւ իշխանութեան գլուխ կ'անցնի երիտթուրքական կառավարութիւնը, որ 1915-1918 թուականներուն մաս-մաս կը տեղահանէ եւ կ'ոչնչացնէ տարածաշրջանի հայ ազգաբնակչութիւնը։ Այժմ Վանայ լիճին շրջակայքը հիմնականօրէն կը բնակին քիւրտեր, որոնք հաւանաբար կը հանդիսանան խեթերու հետեւորդները՝ տարածաշրջանին բնիկ ժողովուրդը, որոնք, ըստ տարածուած կարծիքին, կը կազմէին կեդրոնական Ուրարտուի բնակչութեան հիմնական մասը։
Տարածաշրջանին պատմութիւնը լի է բազմաթիւ տեղահանութիւններով եւ նուաճումներով, ուստի շատ պատմական տեսակէտներ կը մնան իբրեւ բանավէճի առարկայ։ Բացի ատկէ, համաձայն վերջին (Genetic) ծագումնաբանական եւ նկարագիրի գիտական ուսումնասիրական հետազօտութիւններուն՝ քիւրտերը, թուրքերը եւ հայերը սկիզբը շատ մօտ եղած են[2]։
Ուսումնասիրման Պատմութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Վանայ լիճը կը յիշատակուի հին ժամանակաշրջանի պատմական եւ աշխարհագրական աշխատութիւններուն մէջ։ Միջագետքեան (աքքատերէն, շումերերէն) սկզբնաղբիւրներուն մէջ Վանայ լիճը կը յիշատակուի իբրեւ «Նայիրի ծով», իսկ, օրինակ, հին աշխարհագէտ Սթրապոն Վանայ լիճը կը նկարագրէ այսպէս.
Հայաստանի մէջ կան նաեւ մեծ լիճեր… կայ Արսէնէն, որ կը կոչուի նաեւ Թոսփիթաս։ Իր ջուրը կը պարունակէ սոտա (ջրածնատ), որ կը մաքրէ եւ կը վերականգնէ հագուստը։ Բայց խմելու համար այդ լիճին ջուրը վատ է։ |
Բացի ատկէ, Սթրապոն, հիմնուելով էրաթոսթենէս Կիւրիւնացիի տուեալներուն վրայ, կը պնդէր, որ Տիգրիս գետը կը հոսի Վանայ լիճին մէջէն (եւ լիճին այդ մասին ջուրը քաղցրահամ է), ապա գետը կ'անցնի գետնին տակ եւ դուրս կու գայ մէկ այլ տեղէն։
Լիճին գիտական հետազօտութիւնը սկսած է Ժթ. դարու կէսերուն. օգտուելով տարածաշրջանի Մեծն Բրիտանիոյ ազդեցութենէն՝ քանի մը եւրոպացի ճանապարհորդներ եւ հետազօտողներ այցելած են լիճին շրջակայքը։ Անոնցմէ շատերը զբաղած են քարտէսագրութեամբ եւ տեղի նկարագրութեամբ, իսկ քանի մը անձեր, որոնց մէջ էր նաեւ յայտնի անգլիացի հնաբան Լէյարտ, հետաքրքրուած է լիճին շրջակայքը գտնուող ուրարտական ամրոցներու մնացորդներով։
Վանայ լիճին շրջակայքի քարտէսը Ժթ. դարուն, կազմուած է անգլիացի ճանապարհորդի մը կողմէ։ Այս շրջանին հրատարակուած են քանի մը քարտէսական եւ բնութագրական աշխատութիւններ, համեմատաբար ճշգրիտ որոշուած է լիճին մակերեսը եւ անոր բարձրութիւնը ծովու մակարդակէն, բայց սխալ հաշւուած էր անոր առաւելագոյն խորութիւնը։
Այդ շրջանին հիմնական աշխարհագրական խնդիր կը համարուէր Վանայ լիճին հոսքը գտնելը եւ անոր կապը Եփրատի ու Տիգրիսի աւազաններուն հետ պարզելը։ Նման կապի մասին ենթադրութեան հիմք կը ծառայէր՝ այդ ժամանակուան շրջանառութեան մէջ գտնուող տարածաշրջանի բարձրութիւններուն քարտէսը եւ տեղի քիւրտ բնակչութեան շրջանին պտտող Վանայ լիճին միջոցով այդ երկու գետերու աւազաններուն միացած եղելութեան մասին խօսակցութիւնները։ Այդ օրերուն քանի մը տեղեկատու հրատարակութիւններ, ներառեալ նաեւ 1875-1889 թուականներու Պրիթանիքա Հանրագիտարանի իններորդ հրատարակութիւնը, այս տուեալներուն հիման վրայ կը գրէին, որ «բնիկները կը խօսին ստորերկրեայ ջրանցքներու մասին, որոնց միջոցով լիճին ջուրերը կը միանան Տիգրիս գետի ակունքներուն», իսկ «ջուր բաժանմունքին ինկած Նազիկ լիճը բացառիկ երեւոյթի հետեւանքով՝ իր ջուրերը կ'ուղարկէ ե՛ւ Վանայ լիճ, եւ Եփրատ գետ»։ Հետազօտողներէն մէկը այն ժամանակուան հեղինակաւոր աշխարհագրական ամսագիրի էջերուն կը պնդէր, որ ինք գտած է Նեմրութ հրաբուխի ժայռերու անցքերուն մէջէն ստորերկրեայ այլ կապ մը Եփրատի եւ Վանայ լիճին միջեւ[3]։ Այս կապերը այդպէս ալ կը մնան ենթադրութիւններու եւ շշուկներու մակարդակով, իսկ Պրիթանիքայի յաջորդ՝ 1910-1911 թուականներու բարեփոխուած հրատարակութենէն կը հանուին։ Այս բոլորին հետ այդ շրջանին կը հաստատուի այն ենթադրութիւնը, որ տարածաշրջանին անսովոր ջուրի հոսանքի բաժանումները եւ Վանայ լիճին յառաջացումը կապուած են Նեմրութ հրաբուխի մեծ ժայթքման հետ[3][4]։
Լիճին խորութիւններուն պարբերական հետազօտութիւնը այդ օրերուն երբեք չի կատարուիր, նոյնիսկ լիճին ջուրին բաղադրութիւնը չ'ուսումնասիրուիր։ Ի. դարուն, մինչեւ 1980-ական թուականները, լիճին հետազօտական աշխատանքներ չեն կատարուիր, տարածաշրջանին քաղաքական անկայունութեան հետեւանքով։ Ստեղծուած իրավիճակը կ'ազդէ անոր վրայ, եւ Ի. դարու մեծ թիւով աշխարհագրական աշխատութիւններ եւ տեղեկատուութիւններ (ներառեալ նաեւ Խորհրդային Մեծ հանրագիտարանի վերջին հրատարակութիւնը) լիճի միջին եւ առաւելագոյն խորութեան գնահատականներուն մէջ կը յառաջանան լուրջ սխալներ, յատկապէս՝ անոր ծաւալին վերաբերեալ։ Օրինակ՝ լիճին միջին խորութիւնը կը նշուէր 6-էն 40 մեթր միջին հաշուով, որ զգալիօրէն ցած է հետագային հաստատուած ճշգրիտ թիւէն՝ 161,2մ., 171 մ. (1984)[5] 171 մ. (1984)[6]։
Լիճին Յառաջացումը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Վանայ լիճը տեղակայուած է թեքթոնական ծագման դաշտավայրի արեւմտեան կողմը, որ շրջապատուած է քանի մը լեռնային համակարգերով,- Արեւելեան Տաւրոսով` հարաւէն, Քիւրտիստանի լեռներով` արեւելքէն, եւ Ծաղկանց լեռներով՝ հիւսիս-արեւելքէն: Դաշտավայրին արեւմտեան եւ հիւսիս-արեւմտեան հատուածին մէջ կը գտնուին քանի մը յանգած հրաբուխներ, ներառեալ Սիփան եւ Նեմրութ հին հրաբուխները:
Շուրջ երկու հարիւր հազար տարի առաջ, Նեմրութ հրաբուխին ժայթքումը յառաջացուցած է 60 քմ. երկարութեամբ լաւայի հոսք մը, որ արգելափակած է ջուրերուն հոսքը Վանի դաշտէն Մշոյ դաշտ: Վերջինս կը պատկանի մօտակայ Մուրատ գետի աւազանին, որ ալ յանգեցուցած է լիճին յառաջացման: Այսպիսով, Վանայ լիճը կը զբաղեցնէ ամենամեծ դաշտավայրին ամենախոր հատուածը՝ շրջապատուած լեռներով: Հաւանական է, որ որոշ ժամանակէ մը ետք Արեւելեան Տաւրոսի մաշումը Բոտան-Չայ գետի (Տիգրիսի վտակ) վտակներուն կողմէ կը ձեւաւորէ լիճին ջուրերու նոր արտահոսք մը դէպի Տիգրիսի աւազան, եւ Վանայ լիճը կը փոքրանայ կամ կը դադրի գոյութիւն ունենալէ:
Տեսարան դէպի հարաւային ափ եւ Արեւելեան Տաւրոս | Տեսարան Աղթամար կղզիէն | Տեսարան դէպի լիճի հիւսիսային ափ | Լիճի հարաւային ափ |
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ Մեծ Հայքի քարտէսը[permanent dead link]
- ↑ Arnaiz-Villena A., Gomez-Casado E., Martinez-Laso J. Population genetic Relationships Between Mediterranean Populations Determined by HLA Distribution and a Historic Perspective, Tissue Antigens, № 60, 2002
- ↑ 3,0 3,1 Ainsworth W. F. The sources of the Euphrates // The Geographical Journal, Royal Geographical Society, London, Vol. VI, 1895
- ↑ Geographical Notes // Nature № 48, July 1893
- ↑ Warren J. K. Evaporites: Sediments, Resources and Hydrocarbons, Springer, 2006 ISBN 3-540-26011-0
- ↑ Degens, E.T.; Wong, H.K.; Kempe, S.; Kurtman, F. (June 1984), «A geological study of Lake Van, eastern Turkey», International Journal of Earth Sciences (Springer) 73 (2): 701–734, doi: , արխիվացված օրիգինալից 2009-06-16-ին, https://web.archive.org/web/20090616005651/http://www.springerlink.com/content/x5285613642v3665/, վերցված է 2015-11-30