Harry Potter and The Half Blood Prince
Հեղինակ | Ճոան Ռոուլինկ |
---|---|
Երկիր | Անգլիա |
Լեզու | Անգլերէն |
Շարք | Հէրի Փոթըրի վիպաշար |
Հերթական թիւ | 6-րդ գիրքը |
Հրատարակուած | 16 Յուլիս, 2005 |
Հրատարակող | Bloomsbury publishing |
Գիրքի տեսակ | երեւակայութիւն, արկածային գրականութիւն եւ երիտասարդական վիպակ |
Նախորդ գիրք | Harry Potter and The order of The Phoenix |
Յաջորդ գիրք | Harry Potter and The Deathly Hallows |
Harry Potter and the Half Blood Prince-ը, Ճոան Ռոուլինկի հեղինակած Հէրի Փոթըր վիպաշարի 6-րդ գիրքն է։ Գիրքին մէջ կը նկարագրուի Hogwarts-ի մէջ ուսանելու 6-րդ տարին։
Գիրքը լոյս է տեսած է 16 Յուլիս, 2005 թուականին, անգլերէնով։
Դէպքեր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Անգլիոյ մէջ տարբեր իրադարձութիւններ տեղի կ'ունենան, որոնք կ'ընդգրկեն նաեւ muggle-ները, այսինքն ոչ կախարդ բնակչութիւնը։ Կախարդներուն նախարար Քոռնելիուս Ֆաճը կը հանդիպի muggle-ներու նախարարին հետ եւ անոր կը բացատրէ որ կախարդներու երկրորդ պատերազմի պատճառը Voldemort-ի վերածնունդն էր։
Սեւերիւս Սնէյփը, որ Փիւնիկի միաբանութեան անդամ էր, կը հանդիպի Տրաքոյի մօր՝ Նարսիսա Մալֆոյի եւ անոր քրոջ՝ Պելաթրիքս Լէսթէյնճի հետ ու անոնք կը կատարեն Անխախտելի Երդումը որ այն է թէ Սնէյփը պէտք է պաշտպան է Նարսիսայի տղուն՝ Տրաքոյին:
Dumbledore-ը Հէրիին կը տանի Սլըկհորնի տունը, որ առաջ ուսուցիչ եղած էր Hogwarts-ի մէջ եւ կը պնդէ վերադառնալ դասաւանդելու։ Հէրիին ետքը կը տանի Ուիզլիի ապահով տունը, որտեղ Հըրմայոնին արդէն հասած էր։ Յաջորդ առաւօտեան անոնք կը ստանան իրենց O.W.L. արդիւնքները, եւ դպրոցը կը տրամադրէ իրենց գիրքերու ցանկը։ Աշակերտները կը վերադառնան դպրոց ու Dumbledore-ը կը յայտարարէ, որ Սնէյփը պէտք է դասաւանդէ պաշտպանութիւն գէշ կախարդութեան դէմ, իսկ Սլակհորնը պիտի շարունակէ իր դիրքը։
Հաւատալով որ Հէրին կարողութիւնե ունի ուսումնասիրելու Voldemort-ի անցեալը՝ Dumbledore-ը կը պատրաստէ յատուկ հանդիպումներ Հէրիին հետ։ Այսպիսով Հէրին կը սորվի Dumbledore-ի ընտանիքին մասին եւ կ'ուսումնասիրէ անոր ամբողջ կեանքը։ Dumbledore կը բացատրէ որ Ռիտլի օրագիրը Հէրին գտաւ գաղտնի սենեակին մէջ արդէն քանդուած է:
6-րդ գիրքին մէջ ուշադրութիւնը կը շեղի նաեւ հիմնական կերպարներու անձնական կեանքերուն։ Ռոնը եւ Հըրմայոնին կը մօտենան իրար, սակայն Ռոնը, գիտնալով իր քրոջմէ՝ Ճինիէն, որ Հըրմայոնին համբուրած էր Վիքթոր Քրամին, իրեն կը լքէ։ Հէրիի փորձերը վերականգնելու իրենց յարաբերութիւնները կը ձախողին եւ Ռոնը կը մօտենայ Լաւընտըր Պրաունի հետ՝ որպէսզի Հըրմայոնին նախանձի։ Նաեւ Հէրին կը սիրահարուի Ճինիին, սակայն ան արդէն կը գտնուի ընկերական յարաբերութիւններու մէջ։ Մէկ տարի ետք Հէրին եւ Dumbledore-ը միասին ճամբայ կ'ելլեն յայտնաբերելու Horcrux մը՝ վզնոցը։ Անոնք շատ դժուարութիւններէ ետք, կը յաջողին զայն առնել բայց արդէն Dumbledore շատ տկարացած է։ Անոնք միասին կը վերադառնան Hogwarts, սակայն Տրաքօ կը պաշարէ Dumbledore-ին եւ կը փորձէ սպաննել զայն: Տրաքօ չկարողանար այս մէկը կատարել, որ Voldemort-ին խնդրանքն էր, եւ Սնէյփ կ'ուգայ ու ինք կը սպաննէ Dumbledore-ին։
-
Horcrux-ներ
Dumbledore-ի թաղումէն յետոյ Հէրին կը խզէ իր յարաբերութիւնները Ճինիի հետ որպէսզի երթայ եւ գտնէ Horcrux-ներ։ Հէրին, Ռոնը եւ Հըրմայոնին կ'որոշեն չվերադառնալ Hogwarts, եւ անոր փոխարէն սկսին իրենց երկար ճանապարհը horcrux-ները գտնելու։
Ոճը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]տներ կը նշեն, որ Half Blood Prince-ը կը պարունակէ աւելի մութ տօներ, քան նախորդ գիրքերը։
Aquote1.png Այս գիրքի լուսաւորութիւնը աւելի նուրբ է, քան միւսներէն: Ես շատ յուզուած զգացի, երբ գիրքի 2/3-ը հասածէի[1]: - Լիզ Ռոզընպըրկ
|
«Chikago Tribune»-ի քննադատ Ճուլիա Քելլերը կարեւորութիւն դարձուցած է անոր զաւեշտին, որ անոնք կրնանք գտնել վէպին մէջ եւ այս Հէրի Փոթըր վիպաշաէի ամենայաջող բաներէն մէկն է։
Հրատարակութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Քննադատութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Harry Potter and the Half Blood Prince գիրքի վերաբերեալ քննադատութիւնները գրեթէ դրականէին։ «The New York Times» շաբաթաթերթին մէջ աշխատող Լիզըլ Շիլինկըրը գնահատած է գիրքի տարատեսակ թեմաները եւ անսպասելի վերջաբանը[2]: Ան գիրքը կը համարէ շատ լաւ նիւթին կողմէ եւ ոչ այդքան լեզուին կողմէ։
-
Ֆիլմի դերասան Տանիէլ Րատքլիֆ գիրքի հրատարակութեան շնորհանդեսին:
Մրցանակներ եւ պարգեւներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Harry Potter and the Half Blood Prince յաղթած է շարք մը մրցանակներ այդ թուականին եւ 2006 թուականի կայացած տարուայ Անգլիական գիրքի մրցանակին[3] եւ 2006 թուականի արքայական մրցանակը 8-12 տարեկան երեխաներու համար գիրքերու մրցանակը Միացեալ Թագաւորութեան մէջ։ ԱՄՆ-ուն մէջ ամերիկեան գրադարաններու ըներութիւնը անուանած է գիրքը 2006 թուականի լաւագոյն գիրքերէն մէկը չափահասներու համար։ Այն յաղթած է 2005 թուականի «Quill» մրցանակաբաշխութիւնը երեխաներու համար տարուայ լաւագոյն գիրք անուանակարգին մէջ ըլլալով[4]:
Վաճառք
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Գիրքի հրատարակութենէն առաջ 1.4 միլիոն պատուերներ ապսպրուած են Harry Potter and the Half Blood Prince գիրքին amazon.com կայքէջէն՝ մրցանիշը կոտրելով։ Նախորդ մրցանիշը Harry Potter and the Order of Phoenix գիրքը՝ 1.3 միլիոն պատուերներով[5]: Տպագրման ծաւալը հասած է 10.8 միլիոնի։ Հրատարակութեան առաջին 24 ժամերու ընթացքին գիրքը ունեցած է 9 միլիոն կրկնօրինակ ամբողջ աշխարհին շուրջ, 2 միլիոն Միացեալ Թագաւորութեան մէջ եւ մօտ 6.9 միլիոն Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն մէջ։ Առաջին շաբաթուայ ընթացքին վաճառուած է 11 միլիոն գիրք։ Ամերիկեան ձայնային գիրքը, որ կը կարդայ Ճիմ Դէյլը, մրցանիշը կոտրած է եւ ունեցած է մօտ 165,000 վաճառք 2 օրուայ ընթացքին[6]:
Թարգմանութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Harry Potter and the Half Blood Prince լոյս տեսած է միաժամանակ Միացեալ Թագաւորութեան, ԱՄՆ-ուն, Աւստրալիոյ, Նիւ Զիլանտի եւ Հարաւային Ափրիկէի մէջ։ Այն թարգմանուած է 67 լեզուներու։ Ձեռագրի մեծ գաղտնիութեան պատճառով թարգմանիչները չսկսան գիրքի թարգմանութիւնը մինչեւ Անգլերէն օրինակի հրատարակութեան օրը։ Գերմանիոյ մէջ թարգմանիչներու խումբ մը աւարտեց գիրքի թարգմանութիւնը համացանցի հրապարակութենէն երկու օր վերջ[7]:
Խմբագրումներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Մեծ Պրիթանիոյ մէջ 16 Յուլիս, 2005 թուականի հրատարակութենէն յետոյ Half Blood Prince-ը լոյս տեսաւ թերթերուն մէջ հատուածներով։ Երկու օր ետք՝ 25 Յուլիս-ին Քանատայի եւ ԱՄՆ-ուն մէջ տպագրուեցան սկզբնական 2 միլիոն օրինակ[8]:
-
Գիրքի խմբագիր՝ Մերի ԿրանթՓրէնը:
Ֆիլմ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Գիրքի հիման վրայ նկարահանուած ֆիլմը նախատեսուած էր որ լոյս տեսնէ Նոյեմբեր 21, 2008 թուականին, սակայն փոխուեցաւ հրատարակուելով 15 Յուլիս, 2009 թուականին։ Ֆիլմի բեմադրիչը Տէյուիտ եթսն էր իսկ արտադրիչներն են՝ Տէյուիտ Հեյմանը, Տէյուիտ Bարոնը եւ Ճոան Ռոուլինկը։ Ֆիլմը մուտք ունեցաւ մօտ 934 միլիոն տոլար շահ, որ դարձաւ երկրորդ ամենատարածուած ֆիլմը։ Harry Potter and the Half Blood Prince-ը արժանացաւ նաեւ լաւագոյն երկրի արտադրութեան մրցանակին[9]:
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ [1] http://www.csmonitor.com/
- ↑ New Yok Times շաբաթաթերթ
- ↑ [2] Գրքերի արխիվ
- ↑ «http://web.archive.org/»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2008-06-26-ին։ արտագրուած է՝ 2008-06-26
- ↑ Ամազոն
- ↑ http://www.penguinrandomhouse.biz/
- ↑ Գերմանացիները շտապում են թարգմանել Հարրի Փոթերը
- ↑ Ռոուլինգի ֆենոմենալ հաջողությունը
- ↑ Օսկար մրցանակաբաշխություն
Արտաքին յղումներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
|